Ուրբաթ 22 Նոյեմբերի, 2024 ին, Արտան եւ ես առիթը ունեցանք այցելելու Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը։ Կեդրոնական վարժարանը Պոլսահայ եւ հայկական իրականութիւններու համար ունեցած է ու տակաւին կրթական ու դաստիարակչական մեծ առաքելութիւն։ Բաւարար է շրջագայիլ դպրոցի տարբեր մասերը ապրելու համար հայկական Պոլիսը իր ամբողջութեանը մէջէն։ Կեդրոնականը եղած է մեր գրական-մտաւորական ու ազգային մեծ հեղինակութիւններու դարբնոցը։ Եթէ մէկ կողմէ կը դիտես նկարները մեր ազգային կեանքը կերտած մեծ անհատականութիւնները՝բայց նոյնքան նաեւ կուգաս յարգանքի տուրքը մատուցելու Մեծն Կոմիտասի, որուն դաշնակը տակաւին կը մնայ սրահի մէջ ու կը գործէ։ Ասոնք մեծեր եղած են մեր ազգին մէջ՝ որոնք հայուն պատմութիւնը դրած են իր շարունակական գործընթացին մէջ։ Եւ Կեդրոնական վարժարանը ու անոր առաքելութիւնը մէկ ապրող վկայութիւնն է այս պատմութեան շարունակականութեանը իրականութեանը մէջ։
Տնօրէնուհի տիկ Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեանի նուիրական առաջնորդութեամբ՝Կեդրոնական վարժարանը կը շարունակէ իր կրթա-դաստիարակչական առաքելութիւնը՝Պոլսոյ հայ նոր սերունդին ջամբելով հայեցի դաստիարակութիւն։ Արտան եւ ես ունեցանք հանդիպում-զրոյց ուսուցիչներուն հետ ուր խօսեցանք եւ ներկայացուցինք ազգային մեր ամբողջական մշակոյթի անհրաժեշտութիւնը եւ մայրենի լեզուի պահպանումի մարտահրաւէրը։ Այս հաւաք-ներկայացումին մասնակցեցան նաեւ Պոլսոյ Էսաեան վարժարանի հայերէնի եւ կրօնի ուսուցիչները։ Հանդիպման ժամանակ տեղի ունեցաւ հարց -պատասխան։
Հայ դպրոցի դերը ու անոր առաքելութեան անփոխարինելի գրաւականը դարձեալ կը շեշտուի։ Հայ նոր սերունդը պիտի պահել՝պահելով հայ դպրոցը։
Վարձգը կատար Կեդրոնականի ու Պոլսոյ մեր հայկական կրթական ցանցին։ Անոնք հաստատ կեցած են իրենց առաքելութեանը մէջ։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան